Աւետիմպան “Խառն” ալպումիս համար մտադրուած երկրորդ նուագարանն է։ Ժամանակի ընթացքին մեծ ծրագիրի մը վերածուելուն պատճառաւ 3 տարիէն կրցայ վերջացնել։
Աւետիմպան, “Beyazıt”ի յօրինումի ատեն մեծ դեր ունեցաւ որովհետեւ նուագարանը և ալպումը նոյն զգացումները կը բաժնուին։
Ինչպէս “Խառն” ը իմ յատուկ գաղափարերս կը ցոլաղնէ, նուագարանս ալ տեսողական կողմերով կը զօրակցնէ։
Մայր գաղափարը, PVC խողովակներէն “mraimba” մը շինել էր։
Լայն ձայնանիշի միջոց ցանկալուս պատճառաւ Ավետիմպան երկու կտորէն բաղկացաւ։ Այսպէսով տեղափոխել ու կրելը դիւրացած եղաւ։
Աւետիմպան Սօլ1՝էն մինչեւ Տօ4 երկու ու կէս օգթաւէն յառաջ կու գայ։ Դենոր Աւետիմպան, Տօ3՝էն մինչեւ Տօ4 օգթաւ մը ըլլալուն կարճ խողովակներէն կը բաղկանայ և բարակ ձայնանիշեր կը հանէ։ Պաս Աւետիմպան ալ Սօլ1՝էն մինչեւ Սի2 մէկ ու կէս օգթաւնոց ձայնական լայնութիւն կ՝ապահովէ։
Ծրագռում
Կրցածիս չափ Աւետիմպայի ծրագրական յատկութիւնները բացատրելու ջանամ։ Աւետիմպային մայր մակերեսը քաղաքին կառույցը, շէնքերը և տիեզերքը կը ներկայացնէ։ Իսկ խողովակները քաղաքին ենթակառույցը, տակի մակերեսներն ակ կոյուղին թափած ծովը կը ներկայացնէ։ Մայր մակերեսի վրայ գտնուող ծառին արմատները և շէնքերուն կառուցման երկաթները նուագարանին ոտքերուն վրայ գծուած է։
Կրնայ ըլլալ որ մայր մակերեսի վրայի գծագրութիւնը շատ գեղեցիկ տեսողական ձեւեր չպարունակէ, բայց գծագրութեան մէջ ինչ որ կը տեսնէք իմ վրան մեծ հետքեր ձգած են։ Անոնց մէջ կամ երկար ժամանակամիջոց անցուցած եմ և կամ տպաւորիչ յուշեր ունեցած եմ։
Tablo 2.1: Դենոր Աւետիմպայի մայր մակերեսի գծումներ (Ցախէն դէպի աջ)
Tablo 2.2 : Պաս Աւետիմպայի վերի մակերեսի գծումներ (Ցախէն դէպի աջ)